► LIKE this page to be always updated:
http://www.facebook.com/RadioYan
** Տեսաերիզին մէջ նաեւ պիտի լսէք ԼԻԶՊՈՆ 5ի Արա Քըրճլեանի մօր համառօտ բայց բովանդակ պատգամը Հայ երիտասարդութեանը:
Լիզպոն Հինգի Յիշատակին
Ահա այսպէս արշաւեցիք,
Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ
Որ աքթովը կը կոչուիք,
Դրոյի ժառանգ վեհ խենթեր։
Այս կռուի փայլուն ասպետներ,
Ռոստոմեան լոյսի մարտիկներ,
Յանուն ազգի ազատութեան,
Պայթեցուցիք սուրբ հինգ սրտեր։
Ի՞նչ սփոփանք անզօրներուն,
Մխիթարանք հայ խղճերուն,
Կան զոհերուն նոր անդունդէն,
Պայծառացող տիպարը ձեր։
Դէմքերը ձեր կ՝ազնուանան,
Կը տանչեն սրտեր անպայման,
Բայց միշտ ծանր է մեր սրտերուն,
Յուշն է Եռագոյն ձեր կամքերուն։
Ով մահուան յաղթող Դումաններ,
Երկաթ սրտով նոր Չաւուշներ,
Կ՝երդուենք անբիծ պատուովը ձեր,
Ընդարձակել պայքարը մեր։
ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՆՔ ՃԱՄԲԱՅ ԲԱՑԷ՛Ք ԼԻԶՊՈՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ: