Արտայայտուած Կարծիքները դասախոսինն են եւ ԱՐՓԱ Ինստիտուտը կրնայ համաձայն չըլլալ:
Ամփոփում: Վերջին կէս դարուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազազգային փոփոխութիւնները պիտի ամփոփուին։ 2002 թուականէն
իվեր Թուրքիան ղեկաւարող Ա–Քէ-Փէ կուսակցութեան որդեգրած քաղաքական, կրօնական,
ազգային եւ միջազգային ուղղութիւնը, պիտի ներկայացուի։ Համեմատական
ազատութիւնները Թուրքիոյ մէջ, արտաքին եւ միջազգային քաղաքական նորութիւնները եւ
քրտական հարցի լուծման գործընթացները պիտի քննարկուին։ Մասնաւորապէս պիտի
շեշտուին Թուրքիոյ հայ համայնքի կացութեան մէջ յառաջացած փոփոխութինները, Հրանտ
Տինքի ստեղծած նոր մօտեցումներն ու յառաջ բերած շարժումը եւ անոր ազդեցութիւնը
Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումներուն վրայ։ Վերջապէս, պիտի քննարկուին վերջին
ընտրութիւններու արդիւնքները, ստեղծուած նոր կացութիւնը եւ սպասուած ապագայի
ակնկալիքները։
Սարգիս Հացպանեան՝ ծնած է 1962-ին Կիլիկիոյ Ալէքսանտրէթ քաղաքը, եւ նախնական
ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Գարակէօզեան վարժարանին եւ ապա Սուրբ
Խաչ Դպրէվանքին մէջ։ 1979 - 1980թթ. ուսանած է Պոլսոյ Գեղարուեստի Ակադեմիայի
Շարժանկարչութեան, 1980 - 1982թթ. Գերմանիայի Քէօլնի Համալսարանի Արուեստ և
Տիզայն Ֆիլմ-ֆոթո, 1983 - 1984թթ. Փարիզի Նանթերի Համալսարանի Իրավաբանութեան,
1985 – 1988 թթ. Էքս-ան-Փրովանսի Համալսարանի Հաղորդակցութիւն, Լեզվաբանութիւն եւ
Շարժանկարչութեան բեմադրութիւն եւ 1988-1990 թթ. Փարիզի Սորպոնի Համալսարանի
Շարժանկարչութեան բեմադրութեան բաժիններուն մէջ: 1990 թ. հաստատուած է Երեւան եւ
ապա, 1991-1994 թթ. մասնակցած է արցախեան ազատամարտին: Ան տարածաշրջանային
հարցերով փորձագէտ-վերլուծաբան է։