Այս կացութեան դիմաց, դիտեցէք մեր կեանքը. ներքին բաժանումներ ու փոխադարձ ատելութիւն։ Հայաստանի անվտանգութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը պէտք է նկատուին ամէն բանէ վեր։ Ի՞նչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ։ Զգացական, տեսական, հռետորական, լոզունքային մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնալ։ Նստինք եւ իրատես մօտեցումով որոշենք թէ ինչ կրնանք ընել։ Այլապէս, յուսահատութեան, յուսախաբութեան ու անորոշութեան տակ ընկճուած նահանջի ճամբան պիտի շարունակենք։ Նման կացութեան դիմաց լուռ ու անտարբեր մնալը մեր եկեղեցւոյ, եւ անձնապէս Մեզի համար անընդունելի է։ Մենք մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչող, մեր ժողովուրդին հաւատքը կռանող, հայրենիքի անկախութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան մեր ժողովուրդին յանձնառութիւնը աւելի ամրացնելու կոչումը ու պարտաւորութիւնը ունինք։ https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/47445
Присоединяйтесь — мы покажем вам много интересного
Присоединяйтесь к ОК, чтобы подписаться на группу и комментировать публикации.
Нет комментариев